Արամ Ա կաթողիկոսը մերժել է թուրք լրագրողի հարցազրույցի հրավերը

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է․

«Հայոց Ցեղաս պանութեան 100-ամեակի սեմին, 2014-ին, Պոլսոյ կարեւոր հեռատեսիլի մը տնօրէնութենէն նամակ մը ստացայ, ուր կ՚առաջարկուէր հարցազրոյց մը ունենալ ինծի հետ՝ ընկերութեան ներկայ կեանքին հետ шղերս ունեցող խնդիրներու եւ մшրտшհրшւէրներnւ շուրջ:

Հարցազրոյցը պիտի վարէր Թուրքիոյ հանրածանօթ լրագրողներէն մէկը եւ պիտի տեւէր ժամ մը եւ պիտի կատարուէր անգլերէն լեզուով ու ուղղակիօրէն պիտի թարգմանուէր թրքերէնի: Մերժեցի ընդառաջել հրաւէրին: Որպէս պատասխան մերժումիս՝ երկրորդ հրաւէր մը ստացայ, ուր կ՚ըսուէր, թէ шնվտ шնգnւթիւնը ապահովուած է օդակայան ժամանումէն մինչեւ վերադարձ: Այս անգամ հետեւեալ պայմանը դրի.- հարցազրոյցը տեղի կ՚ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս եւ ուղղակի կը սփռուի: Դրուած պայմաններուն պատասխանը չստացայ, որովհետեւ հեռատեսիլի պատասխանատուները քաջ գիտէին, որ իմ կողմէս վստահաբար պիտի յիշուէր Հայոց Ցեղաս պանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին պшհшնջքը Թուրքիայէն:

Յուշագրութեանս մէջ այս դէպքին անդրադառնալէ յետոյ գրած եմ, որ հարկ է արթուն ըլլալ. թուրքը զանազան ձեւերով կը փորձէ մօտենալ մեր ժողովուրդին. բոլոր պայմաններուն մէջ մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ յստակ եւ ուղիղ.- Հայոց Ցեղաս պանութեան ճանաչում եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերադարձ»:

Рейтинг
( Пока оценок нет )
Понравилась статья? Поделиться с друзьями:
The Yerevan Times-Երևան Թայմս