Թուրքիա շղթայազերծած է համաշխարհային պատերազմ, որուն փորձառական թատերաբեմը այսօր Կովկասն է. «Հայրենիք»

Թուրքիա կը սարսափի, Եւրոմիութեան պահանջած բարեկարգումներէն, մարդկային իրաւանց յարգումէն մանաւանդ, որ աշխարհագրական այդ շրջանի բնիկներուն յաւելեալ իրաւունքներ կ’ընձեռէ, կը քաջալերէ ինքնավարութեան եւ անջատման պահանջները, ինչ որ անընդունելի է թրքութենէ տարբեր տարածքային ըմբռնումի: Իսկ այդ բնիկները, զորս այսօր կը կոչեն «փոքրամասնութիւններ», հոն էին թուրքերէն առաջ, տէր էին այդ հողերուն:

Եւրոպան եւ Ամերիկան պատասխանատուութիւն ունին անոնց նկատմամբ: Հարց է, թէ Եւրոմիութի՞ւնն է որ կը խոչնդոտէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը, թէ՞ Թուրքիան ինք կը խուսափի: Այս միտքերու հետքով եթէ ընթանանք, ստիպուած կ’ըլլանք մենք մեզի, Թուրքիոյ եւ աշխարհին ուղղելու հետեւեալ հարցումը. Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ ԹՈՒՐՔ: ՔԻՒՐՏԸ, ՅՈՅՆԸ, ՀԱՅԸ եւ ԱԼԵՒԻՆ ՍՏԻՊՈՒԱ՞Ծ ԵՆ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՀԱՄԱՐԵԼ ԹՈՒՐՔ: Ինչպէս տեղեկագրի մը մէջ նշած է թուրք մտաւորական Պասքին Օրան, օսմանի կայսրութեան մէջ բոլոր քաղաքացիները «օսմանցի» էին, անոր յաջորդած Թուրքիոյ մէջ բոլոր քաղաքացիները «թուրք» են, որ անգիտացումն է ժողովուրդի կարգ մը հատուածներու ցեղային, կրօնական եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան, մերժում՝ տարբերութեան իրաւունքի: Պասքին առաջարկած էր զատորոշել ազգային-ցեղային բնոյթը քաղաքացիութենէ, ընդունիլ «թուրքիացի» եզրը (թիւրքիյէլի): Նման առաջարկ դէմ կ’երթայ թուրք ազգային ըմբռնումին, որ քեմալական հանրապետութեան հիմն է: Արդիւնքը այն է, որ հայկական ցեղասպանութիւն, յոյներու եւ ասորիների դէմ հալածանքներ պատճառ եղած են, որ քրիստոնեաներու թիւը 3 միլիոնէն իջնէ հազիւ 200.000ի:

Ո՞վ հաշիւ կը պահանջէ, ո՞վ կը խօսի: Եւրոմիութիւնը լիաբուռն կ’օժանդակէ Թուրքիոյ, որպէսզի ան բարեկարգումներ ընէ անդամակցութեան համար, զարգացնէ մշակութային, կրօնական, լեզուական տարբերութիւններ յարգող քաղաքակրթութիւն, ազգայնամոլական եւ կրօնական անհանդուրժողութեան դէմ: Ազատական-ժողովրդավարական յառաջընթացի մասին կը խօսուի, բայց զանգուածը եւ մտայնութիւնները չեն փոխուիր, իսկ հիմա, Էրտողանի օրով, ազգայնական-կրօնական կարծրացումը կը շեշտուի, հակառակ Հրանդ Տինքի, Ֆեթհիյէ Չեթինի եւ ուրիշներու սադայէլի շրջանակէն դուրս գալու ճիգերուն, որոնք մնացին մասնակի: Կարդացեք նաև Հայաստանի կառավարությունից պահանջում ենք հանրությանն իրազեկել Ադրբեջանի և Ռուսաստանի հետ համատեղ ստորագրվելիք հնարավոր բոլոր փաստաթղթերի մասին. հայտարարություն Ադրբեջանում հերքում են, որ երկրի տարածքում թուրքական ռազմաբազաներ կհիմնվեն Թուրքիան հնարավոր է ռազմաբազաներ հիմնի Ադրբեջանի երեք քաղաքներում. Ermenihaber.am Այսօր նոյնիսկ քեմալական աշխարհիկ (լայիկ) գաղափարը երկրորդական է: Կը գերիշխէ Էրտողանի կրօնական-պահպանողական միտքը: Թուրքիոյ ոչ-թուրք բնակչութիւնը նուազած է, քաղաքական ազդակ չէ, բացի քիւրտերէն, բնակչութեան 25%ը: Հայերը 55.000-60.000 են, յոյները՝ 5.000, հրեաները՝ 60.000: Այս երեքը Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած են որպէս փոքրամասնութիւն: Այլ արեւելեան եկեղեցիներ, որոնց անդամները 40.000էն պակաս են, ճանաչում չունին որպէս փոքրամասնութիւն: Փոքրամասնութիւնները հազիւ 150.000 են, բնակչութեան 0,2էն նուազ: Թուրք ազգը ինքզինք կը սահմանէ կրօնական պատկանելիութեամբ (իսլամութիւն) եւ թրքութեամբ (պարտադրուած կամ ընդունուած): Ոչ մէկ ոչ-թուրք իսլամ խմբաւորում չէ ընդունուած որպէս փոքրամասնութիւն: Քիւրտերը (աւելի քան 15 միլիոն), շուրջ մէկ միլիոն արաբները, եւ ալեւիները (քիւրտեր եւ թուրքեր) ճանչցուած են որպէս թուրք, քանի որ իսլամ են, կամ թուրք են՝ ուստի իսլամ: Կան ներգաղթած փոքրամասնութիւններ, անոնք ալ օրինական ոչ մէկ ճանաչում ունին. աբխազներ, ալպանացիներ, պոսնիացիներ (շուրջ մէկ միլիոն), չերքէզներ (շուրջ 3 միլիոն), վրացիներ, լազեր, թաթարներ, եւայլն: Կրօնական նոյնութեան պարագային, փոքրամասնութիւնները կը թրքանան: Այս թիւերը նկատի չունին Թուրքիոյ թաքնուած-իսլամացած հայերը: Պատմութիւնը սառած է: Արեւմուտքը նահանջեց եւ Լօզանի դաշնագիրը թաղեց Հայկական եւ Քրտական Հարցերը: Թուրքիոյ մէջ ոչ-թուրք իսլամները կը համարուին թուրք, չունին ոչ մէկ տարբերութեան իրաւունք, իսկ հայերը եւ հրեանները, որոնք ընդունուած էին որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ, մաս չեն կազմեր թուրք ազգին, քանի որ իսլամ չեն: Թրքութիւնը տարբերութեան իրաւունք չ’ընդունիր, նոյնիսկ երբ այդ պահանջը կու գայ կրօնակիցէ:

Այսպէս, 1930-ին, Արդարութեան նախարարը կը յայտարարէր. «Իմ գաղափարս հետեւեալն է, որ բոլորը, բարեկամ եւ թշնամի, եւ լեռները, թող գիտնան որ այս երկրին տէրը Թուրքն է: Անոնք որոնք Թուրք չեն միայն մէկ իրաւունք ունին. ծառայ ըլլալու իրաւունք, այս ստրկութեան իրաւունք է» (Միլլիյէթ, 19 Սեպտեմբեր 1930): Քրիստոնեայ համայնքները, նաեւ հայերը, կը շարունակեն հիմնական նոյն պահանջները ունենալ. անոնք իրաւունք չունին կրօնական հաստատութիւններ ստեղծելու, հիմնելու կրօնական պատրաստելու անկախ վարժարաններ: Հակառակ ամերիկեան ճնշումներու, Թուրքիա չ’ընդունիր Պոլսոյ յոյն Պատրիարքի տիեզերական տիտղոսը: Պետութիւնը ոչինչ կ’ընէ հակափոքրամասնական եւ հակասեմական հրատարակութիւններուն դէմ: Հակառակ Եւրոպայի պահանջին, Թուրքիա կը մերժէ ալեւիներուն համայնք ըլլալու իրաւունքը: Կրկնութիւն պիտի ըլլայ խօսիլ քիւրտերու մասին. անոնք կը համարուին անգոյ խմբաւորում կամ թշնամի: Ոչ ոք կը հաւատայ թրքական քարոզչութեան, որ Լոզանի դաշնագրով ճանչցուած փոքրամասնութիւնները Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին երջանիկ: Անոնցմէ դուրս ոչ մէկ փոքրամասնութիւն ճանչցուած է, ինչպէս՝ արաբները, վրացիները, ալեւիները, եզիտիները: Քիւրտերը ճանչնալ որպէս փոքրամասնութիւն (15 կամ 20 միլիոն) պիտի նշանակէր ընդունիլ, որ Թուրքիան միայն թրքական չէ:

Թուրքիան հակառակ իր նուաճած հզօրութեան, կը նմանի տեւաբար ինքզինք պաշտպանող բերդի մը, ուր, ինչպէս թուրքերը կ’ըսեն, կան «ներքին թշնամիներ»: Նպատակ. երկիրը դարձնել միացեղ: Ի՞նչ պէտք է ընեն հայրենիք կորսնցուցած, իրենց հողերուն վրայ որպէս օտար կամ երկրորդ դասու քաղաքացի ապրող իրաւազրկուած ժողովուրդները: Յիշել վերը նշուած նախարարին խօսքը: «…թող գիտնան որ այս երկրին տէրը Թուրքն է: Անոնք որոնք Թուրք չեն միայն մէկ իրաւունք ունին. ծառայ ըլլալու իրաւունք, այս ստրկութեան իրաւունք է»: Արեւմուտքը եւ Ռուսիան այս բոլորը գիտեն եւ չեն հակազդեր: Արդեօ՞ք ապագային պիտի ըսեն՝ չգիտցանք որ այսպէս պիտի ըլլար, երբ կանգնին իրենց եւ աշխարհի սպառնացողին դիմաց: Անիրաւուածները, իրենց հողին վրայ որպէս օտար ապրողները եւ հայրենիք կորսնցուցածները, յանուն իրաւունքի եւ արդարութեան, կը կարենա՞ն ճակատ կազմել ցեղապաշտին, ազգայնամոլին եւ բռնագրաւողին դէմ: Ո՞վ պիտի նախաձեռնէ: Թուրքիա շղթայազերծած է ազգայնամոլ, ցեղապաշտ եւ կրօնական դրոշմով համաթուրանական կայսրութեան ստեղծման իր անունը չըսող համաշխարհային պատերազմ, որուն փորձառական թատերաբեմը այսօր Կովկասն է: Մարք ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում:

parstoday.com

Рейтинг
( Пока оценок нет )
Понравилась статья? Поделиться с друзьями:
The Yerevan Times-Երևան Թայմս